2012-07-20 13:05:36

Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ ֆիլոնի Կեդրոնական Ափրիկէի Մէջ Չորս Եպիսկոպոսներ Կ'օծէ։


Կիրակի 22 յուլիսին կարտինալ ֆիլոնի` կեդրոնական Ափրիկէի մէջ պիտի գլխաւորէ չորս նոր եպիսկոպոսներու օծման արարողութիւնը, որոնք անցեալ 14 մայիսին եպիսկոպոսական տիտղոս ստացած են Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէ։
Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի Կառավարիչը իր կեցութեան ընթացքին հանդիպում կ'ունենայ ափրիկէի եպիսկոպոսներուն ու կղերին հետ։
20 յուլիսին Կարտինալը տեսակցութիւն ունեցաւ երկրի հանրապետութեան նախագահ ֆրանսուա Պոզիզէի հետ։ Նոյնպէս ծիրանաւորը Կ՛ այցելէ որբանոց մը եւ Պանկի թեմի ժողովրդապետութիւնները։
Յառաջիկայ 26 յուլիսին` Կարտինալ ֆիլոնին Հոռմ կը վերադառնայ։
Նշենք որ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ կ՛ապրին 1,3 միլիոն կաթողիկէ հաւատացեալներ, 4,3 միլիոն բնակչութեան վրայ։ Երկրին մէջ կան 9 թեմեր, 11 եպիսկոպոսներ եւ 192 թեմական քահանաներ, 125 կրօնաւոր վարդապետներ, 23 եղբայր կրօնաւորներ, 354 կրօնաւորուհիներ եւ 4.200 կրօնուսոյցներ։
Եկեղեցին կը տնօրինէ 106 մանկամսուրներ, 148 նախակրթարաններ եւ 23 ճեմարաններ։ Նոյնպէս Եկեղեցին ունի 12 հիւանդանոցներ, 35 խնամատուներ, 8 ծերանոցներ եւ 4 որբանոցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.